top of page

Ազգային միասնութիւն, թէ՞ դասակարգային կռիւ. ի պատասխան Տոքթ. Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի (Մաս Ա)

  • Aram Brunson
  • Jan 12, 2024
  • 4 min read
Մայիս 1-ի տօնակատարումը Տերսիմին մէջ, որտեղ քուրտերը, թիւրքերը եւ հայերը միացած են յանուն աշխատաւորական իրաւունքներու եւ ընդդէմ Թիւրքիոյ ֆաշական կառավարութեան։

Քանի մը ամիս առաջ, ես յայտնուեցայ ընկերվարական (սօցիալիստական) տեսութեան շուրջ բանավեճի մը մէջ Տոքթ. Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանին հետ։ Քննարկման հիմնական առարկայ դարձած էր յետեւեալ հարցումը. կուսակցութիւն մը պէտք է աշխատի ի շահ ամբողջ ազգի բովանդակ շահերու, թէ՞ միայն աշխատաւորական դասակարգի։ Ան կը պաշտպանէր առաջին կեցուածքը, իսկ ես՝ երկրորդը։ Չնայած, որ արդէն պատասխան տուած եմ այդ ատեն, թէօրիայի (տեսութեան) աւելի ամուր ըմբռնում վայելելով եւ Ֆրիտրիխ Էնկելսին 203րդ ծնունդի առիթով՝ որոշեցի պարզաբանել խնդիրը եւ պատասխանել այդ կարեւոր հարցման. ազգային միասնութիւն, թէ՞ դասակարգային կռիւ։


Խորապէս հաւատարիմ ըլլալով քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան անհրաժեշտութեան եւ բարիքին, կը քննադատեմ անոր մօտեցումը, բայց կ’ընեմ զայն հսկայական ընկերական յարգանքով. չնայած, որ ես կը կարծեմ, որ Տէր-Ղուկասեանի տեսական աշխարհահայեացը պուրժուա-ազգայնականութիւնով (bourgeois-nationalism) է դրոշմած, ան անջնջելի ազդեցութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ ժամանակակից հայկական ձախակողմեան շարժման վրայ եւ նոյնիսկ նպաստած է իմ քաղաքական մտածելակերպին։


Տոքթ. Տէր-Ղուկասեանը զիս գրեց.

Այս մօտեցումով, որ որպէս ընկերվարական չեմ բաժներ բայց կը յարգեմ ընկերվարական պայքարի քննարկումներու լայն ծիրին մէջ ինչպէս 19֊րդ դարու աւարտին և 20֊րդ դարու սկիզբին կար, չեմ կարծեր որ Արցախի վերադարձի հայ ազգի շահը կարելի է ի մտի ունենալ։ Տրամաբանութիւնը, եթէ ճիշդ ընկալեցի, Արցախի, և ընդհանրապէս ազգային֊ազատագրական պայքարներու, ենթադասումը առաջնայինին` դասակարգային պայքար համաշխարհային մասշտապով որուն արդիւնքով կը լուծուին բոլոր ազգային հարցերը, ներառեալ, հայերուս համար, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։ Բայց այդ մէկը տեսանք դար մը առաջ, երբ Հայաստանի խորհրդայնացումը յանգեցաւ Արցախի, Նախիջևանի, Ջաւախքի և Արևմտեան Հայաստանի զոհաբերման յանուն միջազգային յեղափոխութեան։ Շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի պարագային ի՞նչ տրամաբանութիւն ունի դասակարգային պայքարը երբ 120 հազար հայութեան վերապրումն է խնդրոյ առարկան։

Նախ պիտի պատասխանեմ Տէր-Ղուկասեանի առարկութեան ընդհանրապէս եւ այնուհետեւ՝ մանրամասն, մաս առ մաս։


Ազգային միասնականութիւնը ընդդէմ դասակարգային պայքարի


Նախ պէտք է մենք զմեզ հարցնենք, թէ ինչո՞ւ այս հարցումը կը կազմուի իբրեւ հակադրութիւն։ Միթէ՞ երկուքն իրարամերժ են։ Սակայն, դասակարգային պայքարի պաշտպանողները չեն, ովքեր երկուքը դրած են հակադրութեան մէջ։ Պատմութեան ընթացքին հայկական հասարակութեան ճնշուած խաւերը աղմկած են կեղեքման շղթաներէն անոնց ազատագրութեան համար, բայց հանդիպած են կամ բռնութեան, կամ ազգային պայքարի առաջնահերթութեան պատճառով համբերութեան պահանջին։ Այս ճնշուած եւ լռեցուած խաւերը կը դրսեւորուին իբրեւ աւանդական տնտեսական դասակարգեր (օր.՝ գիւղացիութիւն, բանուորութիւն, դրամատէրեր) եւ ոչ աւանդական դասակարգեր (օր. արական եւ ոչ արական)։


Այս բոլոր դատերը՝ ընկերվարական (սօցիալիստական) շարժումը, իգապաշտական (ֆէմինիստական) յեղաշրջումը, ԼԳԲՏ+ ազատագրութիւնը եւ այլն, անսահմանափակօրէն կեցուցած են յանուն ազգային հիմնախնդրի։ Իրաւ, բոլոր անոնք, ովքեր կը պահանջեն համբերութիւն, եթէ ստիպուած չըլլան նէ, երբէք չեն կամենար աջակցիլ դասակարգային կռուին՝ թէ տնտեսական, թէ այլ կերպ։ Մտաւորականութեան հէնց այդ յատուածներն են, ովքեր տնտեսական ազատագրութիւնը անսահմանափակօրէն կեցնել կամենալով, ստեղծած են դասակարգային պայքարի եւ ազգային շարժման այս հակադրութիւնը։ Սակայն, նաեւ կը գտնենք, որ դասակարգային պայքարի բուն էութիւնը կ’արգիլէ ազգային հարցերու լուծումը ազգայնական միջոցներով։


Ուրեմն, այս երկատման առջեւ կանգնած ըլլալով՝ ո՞րը պէտք է ընտրենք։ Այս հարցմանը պատասխանելու համար հարկաւոր է հաշուի առնել թէ ով դասակարգային կռուի կոչ կ’ընէ, ով ազգային համերաշխութեան։


Ազգային համերաշխութիւնը (խօսքը ներազգային, ոչ թէ միջազգային համերաշխութեան մասին է) գրեթէ միայն կը պահանջէ շահագործող դասակարգը եւ միայն այդպէս ալ կրնար ըլլալ։ Միասնութեան կոչերը միայն կը յայտնուին անոր պակասութեամբ — ի վերջոյ, եթէ ժողովուրդը միասնական է, միասնութեան եւ համերաշխութեան կոչը պէտք չունի։ Իսկ ժողովրդի միասնականութիւնը միայն դասակարգային (տնտեսական կամ այլ) պայքարի պատճառով կը ճեղքուի, որը կը նշանակէ, որ դասակարգային պայքարը կը նախորդէ ազգային համերաշխութեան շարժման եւ որ երկրորդը առաջացած է միայն ի պատասխան առաջինին։ Գործնական հողի վրայ, այս պայքարը դրսեւորուած է իբր արքաներու եւ նախարարներու միջեւ, ազնուականութեան եւ պուրժուազիայի միջեւ, եւ այսօր, շահագործող պուրժուա (տէր) եւ շահագործուող պրօլետար (աշխատաւոր) դասակարգերու հակասութիւնը։ Եւ ամեն անգամ, օրուայ իշխանութիւնը կը հրամայէր ժողովուրդին միանալ ի սէր ազգային (կամ ցեղային, կայսրական, թագաւորութեան) շահերու եւ կռուիլ ընդդէմ ապստամբ ուժի։


Դեռ աւելին՝ երբ մենք կը քննենք այս խնդիրը, կը տեսնենք, որ գոյութիւն չունի «ազգային շահ», քանզի անհատի շահը կը բխէ անոր նիւթական եւ ֆիզիքական պայմաններէն։ «Ազգային շահ» գոյութիւն չի կրնար ունենալ, քանզի շահագործողի շահն է աշխատաւոր դասակարգի արիւնն ու վաստակը քամել, իսկ աշխատաւորինը՝ ստիպուած չըլլալ աշխատիլ մինչ անոր վերջին շունչն ու արեան կաթիլը։ Իսկ ըդհանուր ծագման վայր մը չի ստեղծեր ընդհանուր շահ։ Յամոյրն ու առիւծը, որոնք ունին ափրիկեան սաւանան իբրեւ ընդհանուր ծագման վայր, չեն կրնար ընդհանուր շահ ունենալ. առիւծի շահն է յամոյրին ուտելը, իսկ յամոյրինը՝ չուտուիլ։


Դասակարգային պայքարը, իհարկէ, կը պահանջեն հասարակութեան կեղեքուած դասակարգերը, քանզի վերին խաւերը մտադիր չեն փոխել այն հասարակարգը, որմէ կ’օգտուին։ Արդեամբ, այս շահագործող տարրերը եւ բոլոր անոնց ծառայողները (ներառեալ ինքնակոչ «յեղափոխականները») պատրաստ են ընել ամեն բան, որպէսզի խափանուի դասակարգային պայքարը։ Այս երեւոյթը սովորաբար կը դրսեւորուի իբրեւ ուշադրութիւն շեղող պատերազմներու եւ ընդհարումներու միջողով արհեստականօրէն ստեղծուած ազգային միասնութիւն։ Կրնանք տեսնել զայն բռնապետական Ազրպէյճանին մէջ, որտեղ ֆաշիսթ Ալիեւը շարունակաբար գործածած է հայատեացութիւնն ու Արցախեան խնդիրը ազրպէյճանցի աշխատաւորական ժողովուրդին շեղելու համար անոնց ուրոյն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերական շղթայութենէ։

Ի՞սկ եթէ ըլլայ ամբողջ ժողովուրդի մը սպառնացող արտերկրային վտանգ մը, անշուշտ պիտի հարցնեք դուք։ Պատասխանելու համար, պէտք է որդեգրել նուազագոյն եւ առաւելագոյն մօտեցում մը՝ առաջինը հիմնուած գործնապաշտութեան (pragmatism) վրայ, իսկ երկրորդը՝ ներկայիս անիրագործելի իտէալի վրայ։


Սկսե՛նք նուազագոյն մօտեցումով, որը ազգի ինքնապաշտպանութիւնն է։ Էապէս, Տէր-Ղուկասեանը կու տայ հետեւեալ հարցումը. երբ ազգի գոյութիւնն է վտանգուած, որո՞ւն է պէտք դասակարգային պայքարը։ Նախ քննենք ներազգային ճնշող եւ ճնշուող դասակարգերու բնաւորութիւնը գոյամարտի ժամանակաշրջաններուն։ Պուրժուա-կեղեքիչի բնաւորութիւնն է հարստութիւն դիզել ճգնաժամերու ընթացքին եւ օգուտ քաշել ժողովուրդի թշուառ պայմաններէն։ Պուրժուա դասակարգի հարստութեան օտարումն (expropriation) ու արդար վերաբաշխումը ոչ միայն անտեղի չեն, այլ անհրաժեշտ են ներխուժման եւ ճգնաժամին պատասխանելու համար։ Եթէ պուրժուա դասակարգը կը շարունակէ կեղեքել եւ շահագործել ժողովուրդին ճգնաժամի մը ատեն, ուրեմն, ժողովուրդը պէտք է շարունակէ անոր դասակարգային պայքարը այդ նոյն ճգնաժամի ատեն։


Ի վերջոյ, աշխատաւորական դասակարգը կը տուժէ, ոչ թէ պուրժուազիան. աշխատաւորական դասակարգն է, որը նիւթական պահանջներու պատճառով կապուած է հողին, մինչդեռ պուրժուազիան կրնայ պախչիլ այլ երկիրներուն. Արցախեան աշխատաւոր գաղթականներն են, ովքեր այսօր պէտք է գտնեն տեղ մը բնակելու եւ միջոց մը ընտանիքին պահելու, մինչդեռ օլիկարխ (oligarch) դասակարգը, որոնցմէ շատերը արդէն տուն ունէին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, կը շարունակէ թագաւորներու պէս ապրիլ։ Պատկերացրէ՛ք քանի արցախեան գաղթական կրնային բնակիլ Գագիկ Ծառուկեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի եւ այլ օլիկարխներու տուներուն մէջ. պատկերացրէք ինչքան աւելի հզօր կրնար ըլլալ հայ ազգի պաշտպանութիւնը եթէ այդ շահագործողներու դրամը կրնար օտարման ենթարկուիլ եւ գործածուիլ ի շահ ժողովրդի։ Ուրեմն, ժողովրդական պաշտպանութեան տեսանկիւնէն, միջդասակարգային համերաշխութիւնը դեռ հարկաւոր չէ։


Իսկ առաւելագոյն մօտեցման համար, նախ, պէտք է հասկնանք, որ բոլոր ազգային հարցերը պիտի լուծուին անկումով պուրժուազիայի քաղաքական եւ տնտեսական բռնապետութեան, որը կը շփոթեցնէ ազգային հարցերը եւ կը ստեղծէ նոր ազգային հակամարտութիւններ։ Անոր տեղը, երբ աշխարհի բոլոր աշխատաւորները միանան եւ տապալեն անոնց կեղեքիչներուն, արդէն պիտի ստեղծուին ժողովուրդներու եղբայրութիւնը եւ համաշխարհային խաղաղութիւնը։ Միջազգային, ոչ թէ ազգային համերաշխութիւնն է, որը պիտի խափանէ արտաքին ներխուժման վտանգը. Եթէ պատերազմ մը ըլլայ, միջազգային համերաշխութիւնն է, որու արդիւնքով պիտի ըլլան հակառազմական եւ խաղաղապաշտ ընդհանուր գործադուլներ եւ ապստամբութիւններ։ Այո, մենք դեռ հեռու ենք այս սքանչելի իտէալէն, սակայն իրագործելի է այն։

Այս յօդուածի յաջորդ մասը մանրամասն պիտի ուսումնասիրէ ազգային ազատագրական, գաղթարարութեան եւ շրջարկածուած (contextualized) դասակարգային պայքարի գաղափարները, մասնաւորապէս քննելով Արցախի, Ջաւախքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի խնդիրները։

 
 
 

Comments


Միացեք մեր էլ. փոստ ցանկին։

Ներկայացուցիչ

Շնորհակալ ենք։

  • White Facebook Icon

© 2035 by TheHours. Powered and secured by Wix

bottom of page